15. այսինքն՝ հրամաններով եղած պատուիրաններուն Օրէնքը. որպէսզի իրմով այդ երկուքէն ստեղծէ նոր մարդ մը՝ այսպէս խաղաղութիւն ընելով,
16. ու երկուքն ալ հաշտեցնէ Աստուծոյ հետ մէկ մարմինի մէջ՝ խաչին միջոցով: Անով սպաննեց թշնամութիւնը,
17. եւ եկաւ խաղաղութիւն աւետեց ձեզի՝ որ հեռաւոր էիք, ու անոնց՝ որ մերձաւոր էին:
18. Քանի որ անոր միջոցով մենք բոլորս ալ արտօնութիւն ունինք մօտենալու Հօրը՝ մէ՛կ Հոգիով:
19. Ուրեմն հիմա դուք այլեւս օտարականներ ու պանդուխտներ չէք, հապա սուրբերուն քաղաքակիցները, եւ Աստուծոյ ընտանիքը,
20. շինուած առաքեալներուն ու մարգարէներուն հիմին վրայ, որուն ծայրագոյն անկիւնաքարը՝ նոյնինքն Յիսուս Քրիստոս է:
21. Անով ամբողջ շէնքը՝ յարմարութեամբ միասին կազմուած՝ կ՚աճի, սուրբ տաճար մը ըլլալու Տէրոջմով.