5. եւ մոռցաք այն յորդորը որ կը խօսի ձեզի հետ՝ որպէս թէ որդիներու հետ. «Որդեա՛կս, մի՛ անտեսեր Տէրոջ պատիժը, ու մի՛ պարտասիր՝ երբ կշտամբուիս իրմէ:
6. Որովհետեւ Տէրը կը պատժէ իր սիրածը, եւ կը խարազանէ ամէն որդի՝ որ կ՚ընդունի»:
7. Եթէ տոկաք պատիժի, Աստուած կը վերաբերի ձեզի հետ՝ իբր որդիներ. քանի որ ո՞վ է այն որդին՝ որուն հայրը չի պատժեր զինք:
8. Իսկ եթէ ըլլաք առանց պատիժի՝ որուն բոլորը բաժնեկից են, ուրեմն ապօրինի զաւակ էք, եւ ո՛չ թէ հարազատ որդի:
9. Յետոյ՝ երբ մեր մարմնաւոր հայրերը կը պատժէին մեզ, կը պատկառէինք անոնցմէ. շա՛տ աւելի պիտի չհպատակի՞նք հոգիներուն Հօր՝ որ ապրինք:
10. Արդարեւ անոնք քիչ օրեր կը պատժէին մեզ՝ իրենց դատումին համաձայն. բայց Աստուած՝ մեր օգուտին համար, որպէսզի բաժին ստանանք իր սրբութենէն:
11. Ո՛չ մէկ պատիժ նոյն պահուն կը թուի ուրախարար, հապա՝ տրտմարար. բայց յետոյ կու տայ արդարութեան խաղաղարար պտուղը՝ անով կրթուածներուն:
12. Ուստի հաստատեցէ՛ք թուլցած ձեռքերն ու կթոտ ծունկերը,
13. եւ պատրաստեցէ՛ք ուղիղ արահետներ՝ ձեր ոտքերուն համար, որպէսզի ո՛վ որ կաղ է՝ չխոտորի, այլ փոխարէնը բժշկուի:
14. Հետամո՛ւտ եղէք խաղաղութեան՝ բոլորին հետ, եւ սրբութեան՝ առանց որուն ո՛չ մէկը պիտի տեսնէ Տէրը:
15. Ուշադի՛ր եղէք՝ որ ո՛չ մէկը զրկուի Աստուծոյ շնորհքէն. դառնութեան արմատ մը բուսնելով՝ թող չվրդովէ ձեզ, եւ շատեր չպղծուին անով:
16. Ո՛չ մէկը թող ըլլայ պոռնկող, կամ սրբապիղծ՝ Եսաւի պէս, որ մէկ կերակուրի համար ծախեց իր անդրանկութեան իրաւունքը: