Փիլիպպեցիներին 3:10-17 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

10. որպէսզի ճանչնամ զինք եւ իր յարութեան զօրութիւնը, ու հաղորդակից ըլլամ իր չարչարանքներուն՝ կերպարանակից դառնալով իր մահուան,

11. որպէսզի կարենամ հասնիլ՝՝ մեռելներուն յարութեան:

12. Ո՛չ թէ ես արդէն ստացած եմ մրցանակը, կամ արդէն կատարեալ եղած եմ. հապա հետամուտ եմ բռնելու զայն, որուն համար ալ բռնուեցայ Քրիստոս Յիսուսէ:

13. Եղբայրնե՛ր, ես չեմ սեպեր թէ բռնած եմ: Հապա կ՚ընեմ սա՛ մէկ բանը. մոռցած եմ ետեւի եղածները, եւ կը դիմեմ առջեւի եղածներուն:

14. Կը հետապնդեմ նպատակակէտը՝ Քրիստոս Յիսուսով եղած Աստուծոյ վերին կոչումին մրցանակին համար:

15. Ուրեմն մենք բոլորս՝ որ կատարեալ ենք՝ մտածե՛նք այսպէս. իսկ եթէ տարբեր կերպով մտածէք բանի մը մասին, Աստուած զա՛յն ալ պիտի յայտնէ ձեզի:

16. Սակայն ի՛նչ աստիճանի որ հասած ենք՝ ընթանա՛նք նոյն կանոնին համաձայն, մտածե՛նք նոյնպէս:

17. Եղբայրնե՛ր, բոլորդ միասին նմանեցէ՛ք ինծի, եւ ուշադի՛ր եղէք անո՛նց՝ որ կ՚ընթանան ա՛յնպէս՝ ինչպէս մենք, որ ունիք իբր տիպար:

Փիլիպպեցիներին 3