Մատթեոս 4:6-19 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

6. եւ ըսաւ անոր. «Եթէ դուն Աստուծոյ Որդին ես, վա՛ր նետէ քեզ ասկէ. որովհետեւ գրուած է. “Իր հրեշտակներուն պիտի հրահանգէ քեզի համար, որ իրենց ձեռքերուն վրայ կրեն քեզ, որպէսզի քարի՛ մը չզարնես ոտքդ”»:

7. Յիսուս ըսաւ անոր. «Դարձեալ գրուած է. “Մի՛ փորձեր Տէրը՝ քու Աստուածդ”»:

8. Չարախօսը դարձեալ առաւ հանեց զայն չափազանց բարձր լեռ մը, ցոյց տուաւ անոր աշխարհի բոլոր թագաւորութիւններն ու անոնց փառքը,

9. եւ ըսաւ անոր. «Ասոնք բոլորը պիտի տամ քեզի, եթէ իյնաս՝ երկրպագես ինծի»:

10. Այն ատեն Յիսուս ըսաւ անոր. «(Ետե՛ւս) գնա, Սատանա՛յ, որովհետեւ գրուած է. “Տէրո՛ջ՝ քու Աստուծոյդ երկրպագէ, ու միայն զի՛նք պաշտէ”»:

11. Այն ատեն Չարախօսը թողուց զայն, եւ հրեշտակները մօտեցան ու սպասարկեցին անոր:

12. Երբ Յիսուս լսեց թէ Յովհաննէս մատնուեցաւ, մեկնեցաւ Գալիլեա:

13. Ու ձգելով Նազարէթը՝ եկաւ բնակեցաւ Կափառնայում, ծովեզերեայ քաղաքը, Զաբուղոնի ու Նեփթաղիմի հողամասերուն մէջ,

14. որպէսզի իրագործուի Եսայի մարգարէին միջոցով ըսուած խօսքը.

15. «Զաբուղոնի երկիրն ու Նեփթաղիմի երկիրը, ծովու ճամբայով Յորդանանի միւս կողմը, հեթանոսներու Գալիլեան.

16. խաւարի մէջ բնակող ժողովուրդը մեծ լոյս տեսաւ, եւ լոյս ծագեցաւ անոնց՝ որ կը բնակէին մահուան երկրին ու շուքին մէջ»:

17. Այդ ատենէն ետք Յիսուս սկսաւ քարոզել եւ ըսել. «Ապաշխարեցէ՛ք, որովհետեւ երկինքի թագաւորութիւնը մօտեցած է»:

18. Երբ Յիսուս կը քալէր Գալիլեայի ծովուն եզերքը, տեսաւ երկու եղբայրներ՝ Պետրոս կոչուած Սիմոնը, եւ անոր եղբայրը՝ Անդրէասը, որոնք ուռկան կը նետէին ծովը, որովհետեւ ձկնորս էին:

19. Ըսաւ անոնց. «Եկէ՛ք իմ ետեւէս, ու մարդո՛ց որսորդ ընեմ ձեզ»:

Մատթեոս 4