Մատթեոս 10:11-24 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

11. Երբ քաղաք մը կամ գիւղ մը մտնէք, տեղեկացէ՛ք թէ ո՛վ է արժանաւորը անոր մէջ, եւ մնացէ՛ք անոր քով՝ մինչեւ որ մեկնիք անկէ:

12. Երբ տուն մտնէք, բարե՛ւ տուէք անոր:

13. Եթէ այդ տունը արժանի է, ձեր բարեւը թող գայ անոր վրայ. իսկ եթէ արժանի չէ, ձեր բարեւը թող վերադառնայ ձեզի:

14. Եթէ մէկը չընդունի ձեզ ու մտիկ չընէ ձեր խօսքերը, երբ մեկնիք այդ տունէն կամ քաղաքէն, թօթուեցէ՛ք ձեր ոտքերուն փոշին:

15. Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Սոդոմացիներու եւ Գոմորացիներու երկրին աւելի՛ դիւրին պիտի ըլլայ դատաստանին օրը, քան այդ քաղաքին”»:

16. «Ահա՛ կը ղրկեմ ձեզ իբր ոչխարներ՝ գայլերու մէջ. ուրեմն խորագէ՛տ եղէք օձերու պէս, եւ աննենգ՝ աղաւնիներու պէս:

17. Իսկ զգուշացէ՛ք մարդոցմէ. որովհետեւ ատեաններու պիտի մատնեն ձեզ, ու պիտի խարազանեն ձեզ իրենց ժողովարաններուն մէջ:

18. Կառավարիչներու եւ թագաւորներու առջեւ պիտի տարուիք՝ իմ պատճառովս, իբր վկայութիւն անոնց ու հեթանոսներուն:

19. Բայց երբ մատնեն ձեզ, մի՛ մտահոգուիք թէ ի՛նչպէս կամ ի՛նչ պիտի խօսիք, որովհետեւ ինչ որ պիտի խօսիք՝ պիտի տրուի ձեզի այդ ժամուն:

20. Որովհետեւ ո՛չ թէ դուք էք որ պիտի խօսիք, հապա ձեր Հօր Հոգին՝ որ պիտի խօսի ձեր մէջ:

21. Եղբայրը մահուան պիտի մատնէ իր եղբայրը, եւ հայրը՝ զաւակը. ու զաւակներ պիտի ելլեն իրենց ծնողներուն դէմ եւ մեռցնեն զանոնք:

22. Բոլորին ատելի պիտի ըլլաք իմ անունիս համար. բայց ո՛վ որ տոկայ մինչեւ վախճանը, անիկա՛ պիտի փրկուի:

23. Երբ այս քաղաքին մէջ հալածեն ձեզ, փախէ՛ք ուրիշ քաղաք մը. որովհետեւ ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Պիտի չաւարտէք Իսրայէլի քաղաքները, մինչեւ որ մարդու Որդին գայ”:

24. Աշակերտը գերիվեր չէ իր վարդապետէն, ո՛չ ալ ծառան՝ իր տիրոջմէն:

Մատթեոս 10