1. Ուրեմն ի՞նչ պիտի ըսենք. արդեօք յարատեւե՞նք մեղքի մէջ՝ որպէսզի շնորհքը աւելնայ:
2. Ամե՛նեւին: Մենք՝ որ մեռած ենք մեղքին հանդէպ, ի՞նչպէս տակաւին ապրինք անոր մէջ:
3. Չէ՞ք գիտեր թէ մենք բոլորս՝ որ մկրտուեցանք Յիսուս Քրիստոսով, մկրտուեցանք անոր մահո՛վ:
4. Ուրեմն անոր հետ թաղուեցանք մկրտութեամբ՝ մահուան համար. որպէսզի ինչպէս Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն առաւ՝ Հօրը փառքով, այնպէս ալ մենք ընթանանք նոր կեանքի մէջ:
5. Որովհետեւ եթէ մենք տնկակից եղանք անոր մահուան նմանութեամբ, նաեւ կցորդ պիտի ըլլանք անոր յարութեան նմանութեամբ:
6. Սա՛ գիտնանք՝ թէ մեր հին մարդը խաչուեցաւ անոր հետ, որ մեղքի մարմինը ոչնչանայ, որպէսզի այլեւս մեղքին ստրուկը չըլլանք: