13. «Անոնց կոկորդը բաց գերեզման է, իրենց լեզուով նենգաւոր եղան»: «Իժերու թոյն կայ անոնց շրթունքներուն տակ»:
14. «Անոնց բերանը լեցուն է անէծքով ու դառնութեամբ»:
15. «Անոնց ոտքերը կ՚աճապարեն արիւն թափելու.
16. կործանում եւ թշուառութիւն կայ անոնց ճամբաներուն մէջ:
17. Չճանչցան խաղաղութեան ճամբան»:
18. «Աստուծոյ վախը չկայ անոնց աչքերուն առջեւ»:
19. Բայց գիտենք թէ ի՛նչ որ կ՚ըսէ Օրէնքը, կ՚ըսէ անո՛նց՝ որ Օրէնքին տակ են, որպէսզի ամէն բերան գոցուի եւ ամբողջ աշխարհը դատապարտուի Աստուծոյ առջեւ:
20. Ուստի ո՛չ մէկ մարմին պիտի արդարանայ անոր առջեւ Օրէնքին գործերով, քանի որ Օրէնքին միջոցով կ՚ըլլայ մեղքի գիտակցութիւնը:
21. Բայց հիմա՝ առանց Օրէնքին՝ Աստուծոյ արդարութիւնը բացայայտ եղած է, վկայուած ըլլալով Օրէնքէն ու Մարգարէներէն.
22. այսինքն Աստուծոյ արդարութիւնը՝ որ Յիսուս Քրիստոսի վրայ եղած հաւատքով է բոլոր հաւատացողներուն համար, քանի որ խտրութիւն չկայ:
23. Արդարեւ բոլորը մեղանչեցին, եւ զրկուած են Աստուծոյ փառքէն.
24. բայց ձրի կ՚արդարանան անոր շնորհքով, Քրիստոս Յիսուսով եղած ազատագրութեամբ:
25. Աստուած նախապէս սահմանեց զայն՝ քաւութիւն ըլլալու անոր արիւնին հաւատացողներուն, որպէսզի ցոյց տայ իր արդարութիւնը՝ ներելով նախապէս - Աստուծոյ հանդուրժողութեան ժամանակ - գործուած մեղքերը: