Հռոմեացիներին 11:27-35 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

27. Եւ ա՛յս է իմ ուխտս անոնց հետ, երբ քաւեմ անոնց մեղքերը»:

28. Աւետարանին համաձայն՝ անոնք թշնամիներ են ձեր պատճառով. բայց ընտրութեան համաձայն՝ սիրելի են իրենց հայրերուն պատճառով,

29. քանի որ Աստուծոյ շնորհներն ու կոչումը անդառնալի են:

30. Որովհետեւ ինչպէս ժամանակին դուք ալ չէիք հնազանդեր Աստուծոյ, բայց հիմա ողորմութիւն գտաք անոնց անհնազանդութեամբ,

31. նոյնպէս անոնք ալ հիմա չհնազանդեցան, որպէսզի անոնք ալ ողորմութիւն գտնեն ձեր գտած ողորմութեամբ՝՝:

32. Որովհետեւ Աստուած ներփակեց բոլորը անհնազանդութեան մէջ, որպէսզի ողորմի բոլորին:

33. «Ո՛վ Աստուծոյ ճոխութեան, իմաստութեան ու գիտութեան խորութիւնը. ի՜նչպէս անքննելի են իր դատաստանները, եւ անզննելի՝ իր ճամբաները:

34. Որովհետեւ ո՞վ գիտցաւ Տէրոջ միտքը, կամ ո՞վ անոր խորհրդատու եղաւ:

35. Կամ ո՞վ նախապէս անոր տուաւ բան մը, որ հատուցանուի իրեն»:

Հռոմեացիներին 11