1. Ուրեմն երբ Տէրը գիտցաւ թէ Փարիսեցիները լսեր են՝ թէ Յիսուս Յովհաննէսէ աւելի աշակերտներ կ՚ընէ ու կը մկրտէ,
2. (թէպէտ՝ ո՛չ թէ Յիսուս ինք կը մկրտէր, հապա իր աշակերտները,)
3. թողուց Հրէաստանը եւ դարձեալ Գալիլեա գնաց.
4. ու պէտք էր որ անցնէր Սամարիայի մէջէն:
5. Ուստի եկաւ Սամարացիներուն մէկ քաղաքը՝ որ Սուքար կը կոչուէր, այն վայրին մօտ՝ որ Յակոբ տուաւ իր որդիին՝ Յովսէփի:
6. Հոն կար Յակոբի մէկ աղբիւրը. ուրեմն Յիսուս՝ ճամբորդութենէն յոգնած ըլլալով՝ նստաւ այդ աղբիւրին քով: Գրեթէ վեցերորդ ժամն՝՝ էր: