Հովհաննես 21:21-25 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

21. Պետրոս՝ տեսնելով զայն՝ ըսաւ Յիսուսի. «Տէ՛ր, հապա ասիկա՛ ի՞նչ պիտի ըլլայ»:

22. Յիսուս ըսաւ անոր. «Եթէ ես ուզեմ, որ ան մնայ՝ մինչեւ որ գամ, քու ի՞նչ հոգդ է. դուն հետեւէ՛ ինծի»:

23. Ուստի սա՛ խօսքը տարածուեցաւ եղբայրներուն մէջ՝ թէ այդ աշակերտը պիտի չմեռնի: Սակայն Յիսուս չըսաւ անոր. «Պիտի չմեռնի», հապա. «Եթէ ես ուզեմ, որ ան մնայ՝ մինչեւ որ գամ, քու ի՞նչ հոգդ է»:

24. Ա՛յս աշակերտն է՝ որ կը վկայէ այս բաներուն մասին, եւ գրեց ասոնք. ու գիտենք թէ անոր վկայութիւնը ճշմարիտ է:

25. Ուրիշ շատ բաներ ալ կան՝ որ Յիսուս ըրաւ. եթէ անոնք մէկ առ մէկ գրուած ըլլային, կարծեմ թէ նոյնիսկ աշխարհն ալ բաւական պիտի չըլլար՝ պարունակելու այն գիրքերը, որ գրուած պիտի ըլլային: Ամէն:

Հովհաննես 21