Հայտնություն 9:6-19 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

6. Այդ օրերը մարդիկ պիտի փնտռեն մահը, սակայն պիտի չգտնեն. պիտի ցանկան մեռնիլ, բայց մահը պիտի փախչի իրենցմէ:

7. Մարախները կը նմանէին պատերազմի պատրաստուած ձիերու. անոնց գլուխներուն վրայ կային որպէս թէ ոսկիէ պսակներ, եւ անոնց երեսները մարդոց երեսներուն պէս էին:

8. Ունէին մազեր՝ կիներու մազերուն պէս. անոնց ակռաները՝ առիւծներու ակռաներուն պէս էին:

9. Ունէին զրահներ՝ երկաթէ զրահներու պէս, իսկ անոնց թեւերուն ձայնը՝ պատերազմի վազող բազմաթիւ ձիերէ քաշուած կառքերու ձայնին պէս էր:

10. Ունէին պոչեր՝ կարիճներու նման, ու խայթոցներ կային պոչերուն վրայ: Իշխանութիւն ունէին հինգ ամիս վնասելու մարդոց,

11. եւ իրենց վրայ թագաւոր ունէին անդունդին հրեշտակը, որուն անունը եբրայերէն Աբադոն է, իսկ յունարէն՝ Ապողիոն:

12. Մէկ վայը անցաւ. ասկէ ետք ահա՛ երկու վայ ալ կու գայ:

13. Վեցերորդ հրեշտակը հնչեցուց փողը, ու լսեցի ձայն մը՝ Աստուծոյ առջեւ եղող ոսկիէ զոհասեղանին չորս եղջիւրներէն,

14. որ կ՚ըսէր փող ունեցող վեցերորդ հրեշտակին. «Արձակէ՛ Եփրատ մեծ գետին վրայ կապուած չորս հրեշտակները»:

15. Եւ արձակուեցան այն չորս հրեշտակները, որ պատրաստուած էին ժամուան, օրուան, ամսուան ու տարուան համար՝ որպէսզի սպաննեն մարդոց մէկ երրորդը:

16. Ձիաւոր զօրքերուն թիւը երկու բիւր բիւր՝՝ էր. ես լսեցի անոնց թիւը:

17. Այսպէս՝ տեսիլքին մէջ տեսայ ձիերը եւ անոնց վրայ հեծնողները, որոնք ունէին կրակի, յակինթի ու ծծումբի գոյն զրահներ: Ձիերուն գլուխները առիւծներու գլուխներու պէս էին. կրակ, ծուխ եւ ծծումբ կ՚ելլէին անոնց բերանէն:

18. Այս երեք (պատուհաս) ներէն մարդոց մէկ երրորդը սպաննուեցաւ, այսինքն՝ կրակէն, ծուխէն ու ծծումբէն, որոնք կ՚ելլէին անոնց բերանէն:

19. Որովհետեւ անոնց իշխանութիւնը իրենց բերաններուն եւ պոչերուն մէջ էր, քանի որ անոնց պոչերը նման էին օձերու, եւ ունէին գլուխներ՝ որոնցմով կը վնասէին:

Հայտնություն 9