5. Եթէ մէկը ուզէ վնասել անոնց, կրակ պիտի ելլէ անոնց բերանէն եւ պիտի լափէ իրենց թշնամիները. եթէ մէկը ուզէ վնասել անոնց, պէտք է որ ա՛յսպէս մեռցուի:
6. Ասոնք իշխանութիւն ունին երկինքը գոցելու, որպէսզի անձրեւ չտեղայ իրենց մարգարէութեան օրերը. իշխանութիւն ունին նաեւ ջուրերուն վրայ՝ արիւն դարձնելու զանոնք, եւ զարնելու երկիրը ամէն տեսակ պատուհասներով՝ քանի՛ անգամ որ ուզեն:
7. Երբ աւարտեն իրենց վկայութիւնը, այն ատեն անդունդէն բարձրացող գազանը պիտի պատերազմի անոնց հետ, պիտի յաղթէ անոնց եւ պիտի մեռցնէ զանոնք:
8. Անոնց դիակները ինկած պիտի մնան հրապարակին վրայ այն մեծ քաղաքին՝ որ հոգեւորապէս Սոդոմ ու Եգիպտոս կը կոչուի, ուր մեր Տէրն ալ խաչուեցաւ:
9. Եւ ժողովուրդները, տոհմերը, լեզուներն ու ազգերը պիտի տեսնեն անոնց դիակները՝ երեք ու կէս օր, ու թոյլ պիտի չտան որ անոնց դիակները դրուին գերեզմանի մէջ:
10. Երկրի բնակիչները պիտի ուրախանան անոնց համար, պիտի զուարճանան, եւ մինչեւ անգամ ընծաներ պիտի ղրկեն իրարու. որովհետեւ այս երկու մարգարէները տանջած էին երկրի բնակիչները:
11. Երեք ու կէս օր ետք, Աստուծմէ եկող կեանքի հոգի մտաւ անոնց մէջ, կայնեցան իրենց ոտքերուն վրայ, ու մեծ վախ համակեց զիրենք տեսնողները՝՝:
12. Լսեցին երկինքէն հզօր ձայն մը ՝ որ կ՚ըսէր իրենց. «Հո՛ս բարձրացէք»: Եւ ամպով մը երկինք բարձրացան, ու իրենց թշնամիներն ալ տեսան զիրենք:
13. Նոյն ժամուն հզօր երկրաշարժ մը եղաւ, եւ քաղաքին մէկ տասներորդը կործանեցաւ: Եօթը հազար մարդիկ սպաննուեցան այդ երկրաշարժէն. մնացողները վախցան ու փառք տուին երկինքի Աստուծոյն:
14. Երկրորդ վայը անցաւ. ահա՛ երրորդ վայը շուտո՛վ կու գայ:
15. Եօթներորդ հրեշտակը հնչեցուց փողը, ու երկինքի մէջ եղան հզօր ձայներ՝ որ կ՚ըսէին. «Աշխարհի թագաւորութիւնները եղան մեր Տէրոջ եւ իր Օծեալին, ու ան պիտի թագաւորէ դարէ դար՝՝»:
16. Քսանչորս երէցները, որոնք բազմած էին իրենց գահերուն վրայ՝ Աստուծոյ առջեւ, ինկան իրենց երեսին վրայ ու երկրպագեցին Աստուծոյ՝ ըսելով.