Գործք 23:31-35 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

31. Զինուորներն ալ առին Պօղոսը եւ գիշերուան մէջ տարին Անտիպատրոս, իրենց հրամայուածին համաձայն:

32. Հետեւեալ օրը՝ թողուցին ձիաւորները որ երթան անոր հետ, իսկ իրենք վերադարձան բերդը:

33. Անոնք ալ մտան Կեսարիա, տուին նամակը կառավարիչին ու ներկայացուցին Պօղոսը անոր:

34. Երբ կարդաց, հարցուց թէ ո՛ր գաւառէն է, եւ հասկնալով թէ Կիլիկիայէն է՝

35. ըսաւ. «Մտիկ պիտի ընեմ քեզի՝ երբ գան քեզ ամբաստանողներն ալ»: Ու հրամայեց որ պահեն զայն Հերովդէսի պալատին մէջ:

Գործք 23