1. Ոմանք՝ իջնելով Հրէաստանէն՝ կը սորվեցնէին եղբայրներուն ու կ՚ըսէին. «Եթէ Մովսէսի աւանդած սովորութեան համաձայն չթլփատուիք, չէք կրնար փրկուիլ»:
2. Ուստի, երբ Պօղոս ու Բառնաբաս սաստիկ ընդվզեցան եւ վիճաբանեցան անոնց հետ, վճռեցին որ Պօղոս ու Բառնաբաս, նաեւ անոնցմէ քանի մը ուրիշներ, բարձրանան Երուսաղէմ՝ առաքեալներուն ու երէցներուն քով՝ այս հարցին համար:
3. Անոնք ալ՝ եկեղեցիէն ուղարկուած՝ անցան Փիւնիկէէն եւ Սամարիայէն, ու պատմելով հեթանոսներուն դարձի գալը՝ մեծապէս ուրախացուցին բոլոր եղբայրները:
4. Երբ հասան Երուսաղէմ, ընդունուեցան եկեղեցիէն, առաքեալներէն ու երէցներէն, եւ պատմեցին ինչ որ Աստուած ըրեր էր իրենց հետ:
5. Բայց Փարիսեցիներու աղանդէն քանի մը հաւատացեալներ կայնեցան եւ ըսին. «Պէտք է թլփատել զանոնք, ու պատուիրել՝ որ պահեն Մովսէսի Օրէնքը»:
6. Ուստի առաքեալներն ու երէցները հաւաքուեցան՝ նկատի առնելու համար այս բանը:
7. Շատ վիճաբանութիւն ըլլալէ ետք, Պետրոս կանգնեցաւ եւ ըսաւ անոնց. «Մարդի՛կ եղբայրներ, դուք գիտէք թէ առաջին օրերէն ի վեր Աստուած ընտրեց զիս մեր մէջէն, որպէսզի իմ բերանովս հեթանոսները լսեն աւետարանին խօսքը, ու հաւատան:
8. Սրտագէտն Աստուած վկայեց անոնց՝ Սուրբ Հոգին տալով անոնց, ինչպէս մեզի ալ,
9. ու ո՛չ մէկ խտրութիւն դրաւ մեր եւ անոնց միջեւ՝ մաքրելով անոնց սիրտերը հաւատքով:
10. Ուստի հիմա ինչո՞ւ կը փորձէք Աստուած, աշակերտներուն վիզին վրայ դնելով այնպիսի լուծ մը, որ ո՛չ մեր հայրերը, ո՛չ ալ մենք կարողացանք կրել:
11. Բայց կը հաւատանք թէ Տէր Յիսուսի շնորհքո՛վ կը փրկուինք մենք, ինչպէս նաեւ անոնք»:
12. Ամբողջ բազմութիւնը լռեց, ու մտիկ կ՚ընէր Բառնաբասի եւ Պօղոսի, որոնք կը պատմէին թէ Աստուած ո՛րչափ նշաններ եւ սքանչելիքներ գործած էր հեթանոսներուն մէջ՝ իրենց միջոցով:
13. Երբ անոնք լռեցին, Յակոբոս ըսաւ. «Մարդի՛կ եղբայրներ, ինծի՛ մտիկ ըրէք.
14. Շմաւոն պատմեց թէ ի՛նչպէս Աստուած առաջին անգամ այցելեց հեթանոսներուն, որպէսզի անոնց մէջէն առնէ ժողովուրդ մը՝ կրելու համար իր անունը:
15. Այս բանին հետ կը համաձայնին մարգարէներուն խօսքերն ալ, ինչպէս գրուած է.
16. “Ասկէ ետք պիտի վերադառնամ ու պիտի վերակառուցանեմ Դաւիթի փլած խորանը. պիտի վերակառուցանեմ անոր աւերակները եւ վերականգնեմ զայն,
17. որպէսզի մնացած մարդիկը փնտռեն Տէրը, նաեւ բոլոր հեթանոսները՝ որոնք իմ անունովս կոչուած են՝՝,- կ՚ըսէ Տէրը՝ որ կ՚ընէ այս բոլոր բաները”: