21. ամրացնելով աշակերտներուն անձերը եւ յորդորելով՝ որ յարատեւեն հաւատքին մէջ, ըսելով. «Շատ տառապանքով պէտք է մտնենք Աստուծոյ թագաւորութիւնը»:
22. Երբ երէցներ ձեռնադրեցին անոնց՝ ամէն եկեղեցիի մէջ, ծոմապահութեամբ աղօթելով յանձնեցին զանոնք Տէրոջ՝ որուն հաւատացած էին:
23. Եւ անցնելով Պիսիդիայի մէջէն՝ գացին Պամփիւլիա:
24. Պերգէի մէջ ալ Տէրոջ խօսքը քարոզելէ ետք՝ իջան Ատալիա,
25. անկէ ալ նաւարկեցին դէպի Անտիոք, ուրկէ Աստուծոյ շնորհքին յանձնարարուած էին այն գործին համար՝ որ կատարեցին:
26. Երբ եկան, հաւաքելով եկեղեցին՝ պատմեցին ինչ որ Աստուած ըրեր էր իրենց հետ, եւ թէ հաւատքի դուռը բացեր էր հեթանոսներուն:
27. Ու հոն երկար ժամանակ կեցան աշակերտներուն հետ: