52. Ասիկա գնաց Պիղատոսի քով եւ խնդրեց Յիսուսի մարմինը:
53. Ու խաչէն իջեցնելով զայն՝ փաթթեց կտաւով եւ դրաւ վիմափոր գերեզմանի մը մէջ, ուր բնա՛ւ մէկը դրուած չէր:
54. Այդ օրը Ուրբաթ էր, ու Շաբաթը պիտի սկսէր:
55. Այն կիները՝ որ անոր հետ եկեր էին Գալիլեայէն՝ հետեւեցան ու տեսան գերեզմանը, եւ թէ ի՛նչպէս հոն դրուեցաւ անոր մարմինը:
56. Ու վերադառնալով՝ բոյրեր եւ օծանելիքներ պատրաստեցին, ու Շաբաթ օրը հանգչեցան՝ պատուիրանին համաձայն: