14. Կը յայտարարեմ ձեզի թէ ասիկա այն միւսէն աւելի արդարացած իջաւ իր տունը. որովհետեւ ո՛վ որ կը բարձրացնէ ինքզինք՝ պիտի խոնարհի, իսկ ո՛վ որ կը խոնարհեցնէ ինքզինք՝ պիտի բարձրանայ»:
15. Երախաներ ալ բերին իրեն՝ որպէսզի դպչի անոնց: Աշակերտները տեսնելով՝ կը յանդիմանէին զանոնք:
16. Բայց Յիսուս իրեն կանչելով զանոնք՝ ըսաւ. «Թո՛յլ տուէք այդ մանուկներուն՝ որ ինծի՛ գան, եւ մի՛ արգիլէք զանոնք, որովհետեւ Աստուծոյ թագաւորութիւնը այդպիսիներո՛ւնն է:
17. Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Ո՛վ որ Աստուծոյ թագաւորութիւնը չընդունի մանուկի մը պէս, բնա՛ւ պիտի չմտնէ անոր մէջ”»:
18. Պետ մը հարցուց անոր. «Բարի՛ վարդապետ, ի՞նչ ընեմ՝ որ ժառանգեմ յաւիտենական կեանքը»:
19. Յիսուս ըսաւ անոր. «Ինչո՞ւ բարի կը կոչես զիս. Աստուծմէ զատ բարի չկայ:
20. Պատուիրանները գիտես. շնութիւն մի՛ ըներ, սպանութիւն մի՛ ըներ, գողութիւն մի՛ ըներ, սուտ վկայութիւն մի՛ տար, պատուէ՛ հայրդ ու մայրդ»:
21. Ան ալ ըսաւ. «Պահած եմ այդ բոլորը՝ պատանութենէս ի վեր»: