Ղուկաս 11:22-31 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

22. Բայց երբ իրմէ աւելի ուժեղը յարձակի վրան ու յաղթէ անոր, կը գրաւէ անոր զէնքերը՝ որոնց ան վստահած էր, եւ կը բաշխէ իրմէ առած կողոպուտը:

23. Ա՛ն որ ինծի հետ չէ՝ ինծի հակառակ է, եւ ա՛ն որ ինծի հետ չի հաւաքեր՝ կը ցրուէ»:

24. «Երբ անմաքուր ոգին դուրս ելլէ մարդէ մը, կը շրջի անջուր տեղեր, հանգստութիւն կը փնտռէ, ու եթէ չգտնէ՝ կ՚ըսէ. “Վերադառնամ իմ տունս՝ ուրկէ ելայ”:

25. Եւ կու գայ, զայն կը գտնէ աւլուած ու զարդարուած:

26. Այն ատեն կ՚երթայ, եւ իրեն հետ կ՚առնէ ուրիշ եօթը ոգիներ՝ իրմէ աւելի չար, ու մտնելով՝ կը բնակին հոն, եւ այդ մարդուն վերջին վիճակը առաջինէն աւելի գէշ կ՚ըլլայ»:

27. Երբ ան այս բաները կը խօսէր, բազմութեան մէջէն կին մը ձայնը բարձրացուց ու ըսաւ անոր. «Երանի՜ այն որովայնին՝ որ կրեց քեզ, եւ այն ծիծերուն՝ որոնք կաթ տուին քեզի՝՝»:

28. Իսկ ինք ըսաւ. «Մա՛նաւանդ երանի՜ անոնց, որ կը լսեն Աստուծոյ խօսքը ու կը պահեն»:

29. Երբ բազմութիւնները կը խռնուէին անոր շուրջ, ինք ըսաւ. «Այս սերունդը չար է, նշան կը խնդրէ. սակայն ուրիշ նշան պիտի չտրուի անոր, բայց միայն Յովնան մարգարէին նշանը:

30. Որովհետեւ ինչպէս Յովնան նշան եղաւ Նինուէցիներուն, այնպէս մարդու Որդին պիտի ըլլայ այս սերունդին:

31. Հարաւի թագուհին՝ դատաստանին օրը ոտքի պիտի ելլէ այս սերունդին մարդոց դէմ ու պիտի դատապարտէ ասոնք, որովհետեւ եկաւ երկրի ծայրերէն՝ լսելու Սողոմոնի իմաստութիւնը. եւ ահա՛ Սողոմոնէ մեծ մէկը կայ հոս:

Ղուկաս 11