Գաղատացիներին 4:2-16 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

2. հապա խնամակալներու եւ հոգատարներու հեղինակութեան տակ է՝ մինչեւ հօրը ճշդած պայմանաժամը:

3. Նոյնպէս ալ մենք, երբ մանուկ էինք, աշխարհի սկզբունքներուն տակ ստրուկ էինք:

4. Բայց երբ ժամանակը լրումին հասաւ, Աստուած ղրկեց իր Որդին՝ որ կնոջմէ ծնաւ եւ Օրէնքին տակ մտաւ,

5. որպէսզի փրկանքով գնէ Օրէնքին տակ եղողները. որպէսզի մենք որդեգրութի՛ւնը ստանանք:

6. Եւ քանի որ դուք որդիներ էք, Աստուած ձեր սիրտերուն մէջ ղրկեց իր Որդիին Հոգին, որ կ՚աղաղակէ. «Աբբա՛, Հա՛յր»:

7. Հետեւաբար ա՛լ ստրուկ չես, հապա՝ որդի. ու եթէ որդի, ուրեմն՝ Աստուծոյ ժառանգորդը Քրիստոսի միջոցով:

8. Ուրեմն այն ատեն երբ չէիք ճանչնար Աստուած, կը ծառայէիք անոնց՝ որ բնութեամբ աստուածներ չէին:

9. Սակայն հիմա որ ճանչցաք Աստուած, կամ մա՛նաւանդ՝ ճանչցուեցաք Աստուծմէ, ի՞նչպէս կը վերադառնաք այն տկար եւ աղքատ սկզբունքներուն, որոնց դարձեալ կ՚ուզէք ստրուկ ըլլալ:

10. Կը պահէք օրերը, ամիսները, ժամանակներն ու տարիները.

11. կը վախնամ ձեզի համար, որ գուցէ զուր տեղը աշխատած ըլլամ ձեր վրայ:

12. Եղբայրնե՛ր, կ՚աղերսե՛մ ձեզի, ինծի՛ պէս եղէք, որովհետեւ ես ալ ձեզի պէս եղայ. դուք բնա՛ւ վնասած չէք ինծի:

13. Դուք գիտէք թէ ի՛նչպէս՝ մարմինիս տկարութեամբ՝ աւետարանեցի ձեզի առաջին անգամ.

14. բայց մարմինիս վրայ կրած փորձութիւնս չանարգեցիք, ո՛չ ալ պժգացիք. հապա Աստուծոյ հրեշտակի մը պէս ընդունեցիք զիս, Քրիստոս Յիսուսի պէս:

15. Ուստի ո՞ւր է՝՝ ձեր այդ ատենուան երանութիւնը. քանի որ ես կը վկայեմ ձեզի թէ եթէ կարելի ըլլար՝ ձեր աչքե՛րը պիտի խլէիք եւ զանոնք ինծի տայիք:

16. Միթէ ձեր թշնամի՞ն եղայ՝ ձեզի ճշմարտութիւնը խօսելով:

Գաղատացիներին 4