Գաղատացիներին 3:18-29 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

18. Որովհետեւ եթէ ժառանգութիւնը Օրէնքէն է, ուրեմն ա՛լ խոստումէն չէ. բայց Աստուած խոստումո՛վ շնորհեց զայն Աբրահամի:

19. Հապա ինչո՞ւ տրուեցաւ Օրէնքը: Ան աւելցաւ՝ օրինազանցութիւնները յայտնելու համար, (մինչեւ որ գար այն զարմը՝ որուն եղած էր խոստումը,) եւ հրեշտակներու կողմէ պատուիրուեցաւ միջնորդի մը ձեռքով:

20. Իսկ միջնորդը՝ միայն մէ՛կ անձի միջնորդ չէ. սակայն Աստուած մէկ է:

21. Ուրեմն Օրէնքը հակառա՞կ է Աստուծոյ խոստումներուն: Ամե՛նեւին. քանի որ եթէ տրուած ըլլար այնպիսի Օրէնք մը՝ որ կարենար կեանք տալ, այն ատեն ի՛րապէս արդարութիւնը Օրէնքով կ՚ըլլար:

22. Բայց Գիրքը բոլորը փակեց մեղքի տակ, որպէսզի Յիսուս Քրիստոսի հաւատքով եղած խոստումը տրուի հաւատացեալներուն:

23. Բայց հաւատքին գալէն առաջ՝ Օրէնքին տակ պահպանուած էինք, փակուած այն հաւատքէն՝ որ յետագային պիտի յայտնուէր:

24. Հետեւաբար Օրէնքը եղաւ մեր դաստիարա՛կը՝ մեզ առաջնորդելու Քրիստոսի, որպէսզի մենք հաւատքո՛վ արդարանանք:

25. Բայց հաւատքին գալէն ետք՝ այլեւս դաստիարակի տակ չենք,

26. որովհետեւ դուք բոլորդ Աստուծոյ որդիներ էք՝ Քրիստոս Յիսուսի վրայ եղած հաւատքով.

27. քանի որ դուք բոլորդ՝ որ Քրիստոսով մկրտուեցաք, Քրիստո՛սը հագաք:

28. Ա՛լ ո՛չ Հրեայ կայ, ո՛չ Յոյն. ո՛չ ստրուկ կայ, ո՛չ ազատ. ո՛չ արու կայ, ո՛չ էգ. որովհետեւ դուք բոլորդ մէկ էք Քրիստոս Յիսուսով:

29. Իսկ եթէ դուք Քրիստոսինն էք, ուրեմն Աբրահամի զարմն էք, եւ խոստումին համաձայն՝ ժառանգորդներ:

Գաղատացիներին 3