1. Երէցը՝ սիրելի Գայիոսին, որ կը սիրեմ ճշմարտութեամբ:
2. Սիրելի՛ս, կ՚ըղձամ որ ամէն կերպով յաջողիս եւ առողջ ըլլաս, ինչպէս քու անձդ ալ յաջողութեան մէջ է:
3. Որովհետեւ մեծապէս ուրախացայ, երբ քանի մը եղբայրներ եկան ու վկայեցին քու ճշմարտութեանդ մասին, թէ կ՚ընթանաս ճշմարտութեամբ:
4. Ամենամեծ ուրախութիւնս է լսել՝ թէ իմ զաւակներս կ՚ընթանան ճշմարտութեամբ: