Բ Կորնթացիներին 2:12-17 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

12. Ուրեմն երբ հասայ Տրովադա՝ Քրիստոսի աւետարանը քարոզելու, թէպէտ Տէրը դուռ մը բացած էր ինծի,

13. անդորրութիւն չունեցայ հոգիիս մէջ, որովհետեւ հոն չգտայ եղբայրս՝ Տիտոսը. հապա հրաժեշտ առնելով անոնցմէ՝ մեկնեցայ Մակեդոնիա:

14. Շնորհակալութի՛ւն Աստուծոյ, որ ամէն ատեն մեզի յաղթութիւն կը պատճառէ Քրիստոսով, ու զինք ճանչնալուն հոտը մեզմով կը յայտնաբերէ ամէն տեղ:

15. Որովհետեւ մենք՝ Աստուծոյ համար՝ Քրիստոսի անոյշ հոտն ենք, թէ՛ փրկուածներուն եւ թէ կորսուողներուն մէջ:

16. Ոմանց՝ մահուան հոտ դէպի մահ, ոմանց ալ՝ կեանքի հոտ դէպի կեանք: Եւ ո՞վ ընդունակ է ընելու այս բաները:

17. Քանի որ մենք շատերուն պէս չենք, որոնք կը խարդախեն Աստուծոյ խօսքը. հապա անկեղծութեա՛մբ, Աստուծմէ ղրկուած եւ Աստուծոյ առջեւ կը խօսինք՝ Քրիստոսով:

Բ Կորնթացիներին 2