10. պոռնկողներուն, արուագէտներուն, մարդ գողցողներուն, ստախօսներուն, երդմնազանցներուն, եւ ուրիշ որեւէ բանի համար՝ որ հակառակ է ողջամիտ վարդապետութեան,
11. համաձայն երանելի Աստուծոյ փառաւոր աւետարանին՝ որ վստահուեցաւ ինծի:
12. Շնորհապարտ եմ զիս զօրացնող Քրիստոս Յիսուսի՝ մեր Տէրոջ, քանի որ հաւատարիմ համարեց զիս ու դրաւ այս սպասարկութեան մէջ:
13. Նախապէս հայհոյիչ էի, հալածող եւ նախատող. բայց ողորմութիւն գտայ, որովհետեւ անգիտանալով ըրի՝ անհաւատութեան մէջ.
14. եւ մեր Տէրոջ շնորհքը յորդեցաւ ինծի հանդէպ՝ հաւատքով ու սիրով, որ Քրիստոս Յիսուսով է:
15. Սա՛ վստահելի եւ բոլորովին ընդունուելու արժանի խօսք մըն է, թէ Քրիստոս Յիսուս աշխարհ եկաւ՝ փրկելու մեղաւորները, որոնց գլխաւորը ես եմ:
16. Բայց ողորմութիւն գտայ սա՛ պատճառով, որ Յիսուս Քրիստոս նախ ի՛մ վրաս ցոյց տայ իր համբերատարութիւնը, տիպար ըլլալու անոնց որ պիտի հաւատային իրեն՝ յաւիտենական կեանքի համար: