Ա Կորնթացիներին 7:1-6 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

1. Ուրեմն, ինչ կը վերաբերի այն բաներուն՝ որոնց մասին գրեցիք ինծի, լաւ է մարդուն համար՝ որ կնոջ չմերձենայ:

2. Բայց պոռնկութենէն խուսափելու համար՝ իւրաքանչիւրը թող ունենայ իր կինը, եւ ամէն կին թող ունենայ իր ամուսինը:

3. Ամուսինը թող հատուցանէ կնոջ ինչ որ կը պարտի, նմանապէս կինն ալ՝ իր ամուսինին:

4. Կինը իշխանութիւն չունի իր մարմինին վրայ, հապա՝ ամուսինը. նմանապէս ամուսինն ալ իշխանութիւն չունի իր մարմինին վրայ, հապա՝ կինը:

5. Մի՛ զրկէք զիրար, բայց միայն համաձայնութեամբ՝ ատենի մը համար, որ դուք ձեզ աղօթքի յատկացնէք ու դարձեալ գաք իրարու քով, որպէսզի Սատանան չփորձէ ձեզ՝ ձեր անժուժկալութեան համար:

6. Ասիկա կ՚ըսեմ՝ արտօնելով, ո՛չ թէ հրամայելով:

Ա Կորնթացիներին 7