2. Անով նաեւ կը փրկուիք, եթէ յիշողութեան մէջ պահէք ինչ որ աւետեցի ձեզի. այլապէս՝ զուր տեղը հաւատացած կ՚ըլլաք:
3. Որովհետեւ նախ աւանդեցի ձեզի այն՝ որ ես ալ ընդունեցի, թէ Քրիստոս մեռաւ մեր մեղքերուն համար՝ Գիրքերուն համաձայն,
4. թաղուեցաւ, յարութիւն առաւ երրորդ օրը՝ Գիրքերուն համաձայն,
5. ու երեւցաւ Կեփասի, ապա տասներկուքին:
6. Յետոյ միաժամանակ երեւցաւ հինգ հարիւրէ աւելի եղբայրներու, որոնց մեծ մասը կը մնայ մինչեւ այժմ, իսկ ոմանք ալ ննջեցին: